2012-11-29 12:59:49

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց քառասուներորդ–Գլուխ Գ.­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՆ
ՄԻԱԿ, ՍՈՒՐԲ, ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՒ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ (6)
Հարցում թիւ 140. Ինչու՞ Եկեղեցին ժողովրդավար կազմակերպութիւն մը չէ։
Ժողովրդավարութեան սկզբունքն այն է որ իշխանութիւնը յառաջ կու գայ ժողովուրդէն։ Եկեղեցւոյ մէջ` սակայն, իշխանութիւնը յառաջ կու գայ Քրիստոսէն. որուն հետեւանքով` Եկեղեցին ունի նուիրապետական կազմուածք մը, որ կը գործէ խմբակցական մշակոյթի մը մէջ։
Եկեղեցւոյ մէջ` նուիրապետական տարրը կը կայանայ հետեւեալին մէջ. Քրիստոս ինքնին կը գործէ Եկեղեցւոյ մէջ, երբ ձեռնադրեալ պաշտօնեաներ կը կատարեն կամ կու տան որեւէ մէկ բան, Աստուծոյ շնորհքով. բան մը զոր չեն կրնար ընել կամ տալ իրենք իրենցմէ։ Այս պարագան կ՛իրագործուի երբ կը բաշխեն Խորհուրդները Քրիստոսի անունով եւ կ՛ուսուցանեն անոր իշխանութեամբ։ Իսկ խմբակցական տարրը Եկեղեցւոյ` կը կայանայ անոր մէջ որ Քրիստոս յանձնեց հաւատքի ամբողջութիւնը 12 հոգիներէ բաղկացած հասարակութեան մը` Առաքեալներուն, որոնց յաջորդները կը կառավարեն Եկեղեցին, նախագահութեան տակ անոր որ կը կատարէ պաշտօնը որ Պետրոսի յանձնուած էր։ Այս խմբակցական տեսակէտէն ընթանալով` տիեզերական ժողովները անվիճելի տեղ մը կը գրաւեն Եկեղեցւոյ մէջ։ Սակայն Սուրբ Հոգւոյ բազմապիսի պարգեւները եւ Եկեղեցւոյ ընդհանրականութիւնը նմանապէս կարող են արտադրել պտուղներ Եկեղեցւոյ այլեւայլ ժողովներուն մէջ, ինչպէս Սիւնհոդոսներու եւ խորհրդաժողովներու մէջ։
Հարցում թիւ 141. Ի՞նչ է դերը Սրբազան Պապին։
Որպէս յաջորդ Սուրբ Պետրոսի եւ գլուխ եպիսկոպոսներու հաւաքոյթին, Սրբազան Պապը երաշխաւորն է Եկեղեցւոյ միութեան. Ան բարձրագոյն իշխանութիւնն ունի Եկեղեցւոյ հովւութեան գործին մէջ, ինչպէս նաեւ գերագոյն հեղինակութիւնը` բոլոր որոշումներուն մէջ, որոնք կը հային Եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ կարգապահական օրէնքներուն։
Յիսուս շնորհեց Պետրոսի գլխաւորութիւն մը միւս բոլոր Առաքեալներուն վրայ, ինչ որ զինք կարգեց որպէս բարձրագոյն իշխանութիւն նախնական Եկեղեցւոյ (Հռոմ)։ Այս տեղական եկեղեցին Հռոմի, կառավարուած Պետրոսէն եւ հանդիսացած վայրը իր մարտիրոսութեան, իր մահուընէ վերջ` դարձաւ դիմումնակէտը նոր Եկեղեցւոյ համար. Բոլոր միւս հասարակութիւնները հարկ է որ համաձայն ըլլային Հռոմի հետ։ Այս էր չափանիշը առաքելական ուղիղ, ամբողջական եւ վաւերական հաւատքին։ Մինչեւ օրս` ամէն Հռոմի Եպիսկոպոս, Պետրոսի նման` գերագոյն հովուապետն է Եկեղեցւոյ, որուն Գլուխը, իրականին մէջ, Քրիստոս է։ Մի միայն այս պաշտօնի գործադրութեան մէջն է որ Պապը ՙՔրիստոսի ներկայացուցիչն է աշխարհի վրայ։՚ Շնորհիւ իր այս գերագոյն իշխանութեան` հոգ հոգւոցին եւ վարդապետութեան վերաբերեալ, ան կը հսկէ հաւատքի հարազատ աւանդութեան վրայ։ Ի հարկին` ան պէտք է կարգ մը ուսուցումներ վերացնել կամ կարգ մը անձեր զրկել իրենց յանձնուած պաշտօնէն, ծանր յանցանքի պատճառաւ, հաւատքի կամ բարոյականութեան վերաբերեալ։ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ուժն ու ճառագայթումը արդիւնքն են յատկապէս իր միասնականութեան, հաւատքի եւ բարոյական հարցերու շուրջ, միութիւն` որ երաշխաւորուած է վարդապետական իշխանութենէն, որուն գլուխն է Պապը։
Հարցում թիւ 142. Եպիսկոպոսները կրնա՞ն գործել եւ ուսուցանել Սրբազան Պապի հակառակ, իսկ Պապը կրնա՞յ նոյնը կատարել` եպիսկոպոսներու հակառակ։
Եպիսկոպոսները չեն կրնար գործել եւ ուսուցանել եթէ ոչ` Սրբազան Պապին հետ միացած. Իսկ Պապը` ինք կրնայ, յատուկ պարագաներու մէջ, որոշումներ առնել առանց Եպիսկոպոսներու հաւանութեան։
Սրբազան Պապը սակայն` իր առած որոշումներուն մէջ, կախեալ է Եկեղեցւոյ հաւատքէն։ ՙԱյն ինչ որ ամէն ժամանակի մէջ եւ ամենուրեք միշտ հաւատացուած է բոլորէն՚ (Սուրբ Վինսան տը Լէրին) կը կազմէ Եկեղեցւոյ հասարակաց ուղղութիւնը, որովհետեւ, հաւատքի սահմանումին մէջ, քրիստոնեաներու համոզումն է որ ան ոգեւորուած է Սուրբ Հոգիէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.